2014-03-13 10:41:57

Իսլամ աշխարհին սիրտ` Արաբական թերակղզիին մէջ, քրիստոնէութիւնը տակաւ առ տակաւ կ'աճի։


Քրիստոնեայ նոր հասարակութիւնը կազմուած է ասիացի բանուորներէ։

Թէեւ կաթողիկէները եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաները նահանջ կ'արձանագրեն Սուրիայի եւ Իրաքի մէջ, հալածանքի հետեւանքով, սակայն անոնց թիւը մեծապէս կ'աճի Արաբական թերակղզիին մէջ, որ է իսլամ աշխարհին սիրտը ։
Տնտեսական բարգաւաճումը մեծ թիւով հնդիկ, քորէացի եւ Փիլիպեանցի բանուորներ կը ստիպէ Արաբական թերակղզի փոխադրուիլ ուր ներկայիս կ'ապրին շուրջ 2,5 միլիոն քրիստոնեաներ ըստ "The Boston Globe" ամերիկեան օրաթերթին։
Քաթարի մէջ կ'ապրին շուրջ 400 հազար կաթողիկէներ։ Միացեալ արաբական Էմիրաթներու մէջ կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 7 տոկոսը։ Սաուտ Արաբիոյ մէջ կաթողիկէներու թիւը աւելի քան 1,5 միլիոն է 28 միլիոն բնակչութեան վրայ։
Հակառակ որ Արաբական թերակղզիի բնակիչները վերապահութեամբ կը նային քրիստոնեաներուն, անոնք կ'աշխատին ապրիլ իրենց հաւատքը ու կազմել հասարակութիւն մը։
Պահրեյնի մէջ, ուր կ'ապրին աւելի քան 140 հազար կաթողիկէներ, փոքր երկրին իշխանը վերջերս կաթողիկէներուն շնորհեց շերտ մը հող, ''Արաբիոյ Տիրամօր'' նուիրուած` եկեղեցի մը կառուցանելու համար։
Հիւսիսային Արաբիոյ առաքելական տեղապահ Գերապայծառ Գամիլլօ Պալլինի գնահատումով Պահրեյնի այս որոշումը երկխօսութեան բարի լուր մըն է եւ օրինակ կը հանդիսանայ Արաբական թերակղզիի այլ իշխանապետութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.